Search
Close this search box.

Ազերի մարզիչը «արցախեան գորգ» նուիրած է գերման մրցակից ակումբի մարզիչին

«Եւրոպա Լիկա»-յի մրցումներուն ի հաշիւ՝ ազերպայճանական Էֆ.Քա. Քարապաղ ակումբը հիւրընկալած է Գերմանիոյ Պայեր Լեվերքուզընը։ Այս առթիւ, ազերի մարզիչը գերմանական խումբի սպանացի մարզիչին, առանց որեւէ բարդոյթի, իբրեւ թէ նուիրած է արցախեան գորգ մը։ 

Բանն այն է, որ նուէրի յանձնումի նկարին՝ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտնելէն անմիջապէս ետք՝ գորգի մասնագէտներ դիտել տուած են, որ նուիրուածը՝ հայկական գորգի շատ գէշ մէկ կրկնօրինակն է, հեռու՝ բնօրինակներուն որակէն։