Search
Close this search box.

Ազերպայճանական անցակէտին շտապօգնութեան կառքի վրայէն պարտադրած են քակել Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան պիտակը

Օգոստոս 25-ին, ազերպայճանական լրասփիւռներու տարածած տեսանիւթերու մէջ կ՚երեւի թէ ինչպէս՝ Բերձորի միջանցքի ազերպայճանական անցակէտին կը պարտադրեն Արցախի շտապօգնութեան կառքի վրայէն քակել «Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան ծառայութիւն» գրութեամբ պիտակը, որու վրայ պատկերուած է նաեւ Արցախի զինանշանը։ Այնուհետեւ ազերպայճանցի զինուորականը արցախցի կնոջմէ մը կը պահանջէ իրեն տալ փրցուած պիտակը։ 

Նշենք, թէ նոյն օրը Բերձորի միջանցքի անցակէտէն Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան փոխադրուած են 10 հիւանդներ եւ ճիշդ այդ ժամանակ տեղի ունեցած է վերոնշեալ զազրելի արարքը։ Ազերպայճանցիներուն կողմէ սփռուած տեսանիւթն ալ վերնագրուած է. «Հայերուն դաս՝ մեր սահմանապահներէն. աւելորդ զինանշանը հանուած է»։

Տեսանիւթ՝

https://t.me/abovyanarman/1874