Search
Close this search box.

Ազերպայճանական կեղծարարութեան նոր թիրախն է Հաղարծին վանական համալիրը

Հակում ունինք ըսելու՝ ազերպայճանական հանապազօրեայ իւրացումներու այսօրուանը կը վերաբերի Հաղարծին վանական համալիրին։ Իրականութեան մէջ, բառիս բուն իմաստով իւրացում ալ չէ, քանի որ կատարուած վերագրումը կը վերաբերի աղուաններուն։ Բայց յայտնապէս, Ազերիներուն համար ամէն ինչէ աւելի կարեւորը՝ դարաւոր հայկական այս կամ այն կոթողին կամ վայրին «ոչ-հայկական» ըլլալը պնդելն է…։  

Այսպէս, «Հայք» մշակոյթի պաշտպանութեան կազմակերպութեան իրաւաբան Յովիկ Ավանէսով կը հաղորդէ, թէ Ազերպայճան արհեստածին կազմաւորումը կը շարունակէ պետական մակարդակով տարածքային յաւակնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ՝ առաւել խորացնելով զաւթողական քաղաքականութիւնը: Տաթեւի վանական համալիրէն, Էջմիածնի Մայր տաճարէն, Հառիճավանքէն ետք, ազերպայճանական կեղծարարութեան թիրախ դարձած է Հաղարծին վանական համալիրը, որ կը գտնուի Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքէն 18 քմ. հիւսիս՝ Հաղարծին գիւղին մէջ:

Հաղարծինի ուսումնակրթական կեդրոնը մատենագրութեան մէջ կը յիշատակուի 13-րդ դարու կառոյց, որ վերածուած է մշակութային նշանաւոր օճախի։ Կեդրոնի վերելքը առաւելապէս կապուած է Խաչատուր Տարօնացիի բազմաբեղուն գործունէութեան հետ։

Վանական համալիրի ինքնատպութիւնը կ՚ապահովեն պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններուն կառուցուած երեք եկեղեցիները, երկու գաւիթը (մէկը աւերուած) եւ սեղանատունը: Անոնցմէ ամէնէն հինը` Ս.Գրիգոր եկեղեցին է (մօտաւորապէս 4-րդ դարուն), որ խաչաձև-գմբէթաւոր շինութիւն մըն է։ Արեւմուտքէն, կից կը գտնուի 4 սիւներով մեծ գաւիթը, որ 12-րդ դարավերջին կառուցած է Իվանէ Զաքարեան։ Գաւիթի անկիւնային միահարթ առաստաղներու բարձրաքանդակներուն (մարդոց պատկերներ, վարդեակներ, թռչուն, հրեշտակ եւ այլն, նաեւ՝ փոքրիկ արձանագրութիւններ) բնորոշ է 13-րդ դարու հայկական քանդակի իւրատպութիւնը: Գաւիթի հարաւային պատին մօտ պահպանուած են դամբարանների մնացորդներ: Եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմը կը գտնուի թաղակապ մատուռը, իսկ արեւելեան բաժնին մէջ կանգնած է նրբագեղ մանրամասնութիւններով, կապտաւուն բազալտէ շինուած Ս.Ստեփանոս գմբէթաւոր եկեղեցին (1244):

«Ազերպայճանական պետական քարոզչամեքենան ոչ միայն կը խեղաթիւրէ նշանաւոր այս վանական համալիրի պատմութիւնը, այլ նաեւ որպէս “ազերպայճանական պատմական բնակավայրեր” կը ներկայացնէ Դիլիջան քաղաքն ու Հաղարծին գիւղը: Այս ամէնը անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ, որ Ազերպայճան ունի ո՛չ պատմութիւն, ո՛չ մշակոյթ, այլ կ՚իւրացնէ տարածաշրջանի տեղաբնիկ ժողովուրդներու պատմութիւնն ու մշակոյթը, որոնք ստեղծուած են հազարամեակներու ընթացքին:

Ազերպայճանի մէջ ամէն ինչի կեղծ եւ արհեստական ըլլալը դիպուկ կերպով նշուած է զօրավար Տենիքինի աշխատութեան մէջ. “Ազերպայճանական Հանրապետութեան մէջ ամէն ինչ արհեստական էր, “ոչ-իսկական»` սկսած անուանումէն, որ առնուած էր Պարսկաստանի նահանգներէն մէկէն։ Արհեստական տարածք, որ կ՚ընդգրկէր Լեզգիական Զաքաթալան, Պաքուի եւ Էլիզապեթպոլի հայ-թաթարական նահանգները եւ ռուսական Մուղանը՝ միաւորուած թրքական քաղաքականութեամբ` որպէս փանթուրքիզմի յենակէտ Կովկասի մէջ։ Արհեստական պետականութիւն, քանի որ այս հողերը, որոնք կը գտնուէին ժողովուրդներու մեծ գաղթի ճամբուն վրայ եւ կ՚ենթարկուէին իրերայաջորդ նուաճողներու տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան, միշտ բնակուած էին ցրուած փոքրաթիւ ցեղերով, որոնք կը թշնամանային իրարու դէմ եւ դեռ կը պահպանէին քոչուորական կեանքի առանձնայատկութիւնները։ Ի վերջոյ, արհեստականօրէն կը պահպանուէր նաեւ ազերպայճանական կառավարութիւնը. սկիզբը՝ Նուրի փաշայի կամքով, յետոյ՝ զօրավար Թոմսոնի, իսկ հետագային պարզապէս շնորհիւ՝ անտարբերութեան”։

Վերջերս ազերպայճանական Թիքթոքեան ալիքները հրապարակած են տեսանիւթեր, ուր Հաղարծին վանական համալիրը կը ներկայացուի իբրեւ աղուանական։

Այս եւ բազմաթիւ այլ փաստերը ակնյայտօրէն ցոյց կու տան Ազերպայճանի հակահայկական քաղաքականութեան դիմագիծը, որ կ՚իրականացուի պետական  մակարդակով»,– կը գրէ Ավանէսով: ■