SHAMSHYAN.com-ի հրապարակած տեղեկութեան համաձայն՝ Սեպտեմբեր 2-ի առտուան ժամերուն, Ազերպայճանի կողմէ վերահսկուող «Աղքեանտ» կոչուող տարածքէն կրակած են «Սիւնիք» օդակայանի ուղղութեամբ: Արձակուած կրակոցները վնաս հասցուցած են օդակայանի ժամանման սրահի գոյքին։
Դէպքի վայր ժամանած են Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան Սիւնիքի եւ Կապանի ոստիկանութեան պատասխանատուները՝ Վարդան Մկրտչեանի եւ Արա Դաւթեանի գլխաւորութեամբ: Այս կապակցութեամբ քրէական գործ յարուցուած է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։