Search
Close this search box.

Ազերպայճանական հայատեացութիւնը սահման ունի՞…

Եթէ կայ ոլորտ մը, ուր ազերպայճանցիները անմրցելի են, այդ մէկը անկասկած հայատեացութեան հարցով «ստեղծարարութիւն»-ն է։  

Այսպէս, կը տեղեկանանք թէ ազերպայճանցի զինուորներու բազկանշանին վրայ գրուած է՝ «Մի՛ փախիր հայ. [թէ ոչ՝] դուն պիտի մեռնիս ուժասպառ» («Qaçma Erməni, sadəcə yorğun öləcəksən»): Այլ խօսքով՝ հայը երբ հանդիպի ազերպայճանցիին, պէտք է անմիջապէս անոր մատուցէ վիզը, եթէ չուզեր նոյն ճակատագրին արժանանալ՝ մորթուիլ, ի զուր յոգնելէ ետք։  

Բազկանշանի կեդրոնն ալ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճարտարապետերէն Էնվեր փաշայի նկարը։  

Ակնյայտ է, որ ազերպայճանական ղեկավարութեան գիտակցութեան մէջ՝ 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ այսօրուան միջեւ պատմական լուրջ շարունակականութիւն կայ։