Search
Close this search box.

Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութիւն. «Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելը Պաքուի օրինական պահանջն է»

 

Յունիս 7-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարած է. “Այսօր իրապէս գլխաւոր խնդիրը Ազերպայճանի նկատմամբ շարունակուող տարածքային պահանջներն են, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի բազմաթիւ իրաւական, քաղաքական փաստաթուղթերուն եւ մասնաւորապէս Սահմանադրութեան մէջ, ուր ուղղակի յղում կայ «Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու» կոչին”։

Ան պնդած է, որ Սահմանադրութենէն այդ յաւակնութիւնները բացառելը Պաքուի «օրինական պահանջն է»։ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան գնահատումով՝ Հայաստան շահագրգռուած չէ կայուն խաղաղութեամբ եւ կը ձգտի պահպանելու տուեալ իրավիճակը միայն իբրեւ պահեստային տարբերակ՝ ապագային «Ազերպայճանի դէմ յարձակումը վերսկսելու համար»։