Փետրուար 22-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի՝ նախորդ օրուան Պաքուի հասցէին «միակողմանի եւ անհիմն» մեղադրանքներն ու յայտարարութիւնները:
Պաքու զայրացած է յատկապէս Արցախի բնակչութեան՝ իրենց տուները վերադառնալու՝ արագ, անարգել եւ անվտանգ իրաւունքը ապահովելու նախագահ Մաքրոնի պահանջէն։ «Ֆրանսա անցնող 30 տարիներու ընթացքին որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած “հայկական կողմի յարձակման եւ ազերպայճանական տարածքներու բռնագրաւման մասին”, թէ ան տակաւին “գրաւուած կը պահէ ազերպայճանական ութ գիւղերը”»։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մատնանշած է, թէ «անընդունելի է մեղադրել Պաքուն “անհամաչափ պատասխան”-ի պատճառով, փոխանակ քննադատելու Հայաստանը, որ առանց որեւէ հրահրող գործօնի՝ խախտեց շուրջ հինգ ամիս տեւած կայունութիւնը։ Հետեւաբար պէտք է դադրեցնել նման կողմնակալ մօտեցումները»:
Ակնարկը կը վերաբերի նախագահ Մաքրոնի յայտարարութեան, թէ «Ֆրանսա կը ցաւի Փետրուար 12-ին կրակոցի հետեւանքով Ազերպայճանցիի մը վիրաւորուելուն, միաժամանակ կ՚ափսոսայ՝ ի տես Ազերպայճանի անհամաչափ պատասխան հարուածին, որու հետեւանքով հայկական կողմը ունեցաւ չորս զոհ եւ մէկ վիրաւոր»։
«Մենք կը կրկնենք, թէ որեւէ արդիւնքի պիտի չյանգի տարածաշրջանին մէջ նոր լարուած կացութեան ստեղծման եւ խաղաղութեան ու կայունութեան խոչընդոտման միտող Ֆրանսայի նենգ քաղաքականութիւնը»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։