Search
Close this search box.

Ազերպայճանի Ընտրական յանձնաժողովի նախագահը ԵԱՀԿ-ի դէտերէն խնդրած է ընտրութիւնները դիտարկել նաեւ «ազատագրուած տարածքներ»-ուն մէջ

Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի Հանրապետութեան Կառավարութեան շէնքին դուռը, որ ներկայիս ∩օժտուած է∪ ազերպայճանական նախագահական ընտրութիւններու ազդերով

Ազերպայ­ճա­նի Կեդ­րո­նական ընտրա­կան յանձնա­ժողո­վի (ԿԸՅ) նա­խագահ Մա­զահիր Փա­նահով Փետ­րո­ւար 6-ին՝ երկրի նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րու վա­ղոր­դայնին տո­ւած ասու­լի­սին դի­մած է ԵԱՀԿ-ի Ժո­ղովրդա­վարա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու մարդկա­յին իրա­ւանց գրա­սենեակի (ԺՀՄԻԳ) դէ­տերուն, որ անոնք ընտրու­թիւննե­րու դի­տար­կում կա­տարեն նաեւ Ազեր­պայճա­նի «ազա­տագ­րո­ւած տա­րածքնե­ր»-ուն մէջ։

Ան ըսած է, որ ԵԱՀԿ-ի ԺՀՄԻԳ-ի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը այ­ցե­լած են այդ տա­րածքնե­րը ու հան­դի­պումներ ու­նե­ցած շրջա­նային ընտրա­կան յանձնա­ժողով­նե­րու նա­խագահ­նե­րուն հետ։

“Մեր յա­տուկ խնդրանքն է, որ քո­ւէար­կութեան օրը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պություննե­րը գտնո­ւին ազա­տագ­րո­ւած տա­րածքնե­րուն մէջ։ Այդ յար­գանք մը պի­տի ըլ­լայ հան­դէպ ազեր­պայճա­նցի ժո­ղովուրդին։ ­Որոշ կա­ռոյցներ ար­դէն յայ­տա­րարե­ցին, որ քո­ւէար­կութեան օրը պի­տի եր­թան ազա­տագ­րո­ւած տա­րածք­ներ”,– ըսած է Փա­նա­հով։

Ազեր­պայ­ճա­­նի Կեդ­­րո­­­նական ընտրա­­կան յանձնա­­ժողո­­վի նա­­խագա­­հի այս ու նման յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն ետին թաք­­նո­­­ւած՝ Ազեր­­պայճան­­ցի­­­ներու բուն մտա­­հոգու­­թիւնը յայտնա­­պէս իրադ­­րու­թիւ­­նը օրի­­նակա­­նաց­­նելն է։

Միւս կող­­մէ, ազեր­­պայճա­­նական լրաս­­փիւռնե­­րը յա­­տուկ լրատ­­ւութեամբ կ՚անդրա­­դառ­­նան Ստե­­փանա­­կեր­­տի (Խան­­քենտիի) պա­­րագա­­յին, ան­­կասկած քիչ մը աւե­­լի ցաւ պատ­­ճա­­­ռելու հա­­մար Հա­­յոց սրտե­­րուն։ Այս լու­­րե­­­րուն կ՚ըն­­կե­­­րանայ լու­­սանկար­­նե­­­րու ճոխ շարք մը, ուր կ՚երե­­ւի Ստե­­փանա­­կեր­­տի որ­­բա­­­ցած Կա­­ռավա­­րու­­թեան շէն­­քը, որ այս առ­­թիւ ընտրա­­կան տե­­ղամա­­սի վե­­րածուած է։ ■