Search
Close this search box.

Ազերպայճանի խորհրդարանին մէջ առաջարկած են Փաշինեանը Պաքու հրաւիրել, իսկ Հայ եկեղեցին ալ «ահաբեկիչներու որջ» անուանած են

 

Ազերպայճանի Միլլի մեճլիսի (խորհրդարան) Մայիս 7-ին կայացած նիստին, խորհրդարանականները առաջարկած են Պաքու հրաւիրել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս առաջարկը ներկայացուցած է խորհրդարանի Մարդկային իրաւանց մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Ճահիտ Օրուչ։

“Կարելի է Փաշինեանը Պաքու հրաւիրել, բայց միաժամանակ Ազերպայճան տանող ճամբան պէտք է փակ մնայ այն բոլոր մարդոց համար, որոնք մեր քաղաքական թշնամիներն են եւ հանդէս կու գան մեր երկրի դէմ պատիժներ կիրարկելու կոչերով”,– շեշտած է ան։

Իսկ ազերպայճանցի մէկ այլ երեսփոխանի՝ Վարդենիսի շրջանը ծնած Սահիպ Ալիեւի քննադատութեան թիրախը հանդիսացած է Հայ առաքելական եկեղեցին, որ ըստ իշխանամէտ խորհրդարանականին՝ «կը փորձէ խափանել սահմանի զատման գործընթացը»։ Ան նոյն նիստին ելոյթ ունենալով Հայ առաքելական եկեղեցին «ահաբեկիչներու որջ» անուանած է։

Միլլի մեճլիսի անդամ Սիավուշ Նովրուզովի համաձայն ալ՝ հայերը ոչ միայն կ՚ընդդիմանան սահմանի զատման գործընթացին, այլեւ կը փորձեն,– իր բնորոշմամբ,– Շուշիի կորուստի վրէժը լուծել Ազերպայճանի դէմ արեւմտեան երկիրներու կողմէ պատիժներու սահմանում հրահրելու միջոցով։

“Այսօր ամերիկացի գոնկրէսականը կամ ֆրանսացի երեսփոխանը, որոնք ի վիճակի չեն քարտէսի վրայ Ազերպայճանը գտնելու, յանկարծ սկսած են ճանչնալ, ըսենք, ազերպայճանցի դատաւորները ու կը պահանջեն անոնց դէմ պատիժներ կիրարկել”,– յայտարարած է  Նովրուզով՝ պնդելով, թէ հայերէն բացի Ազերպայճանի դէմ կ՚աշխատին նաեւ Արեւմուտքէն գանձատրուող լրագրողներն ու ընդդիմութիւնը, մասնաւորաբար՝ Ժողովրդական ճակատի առաջնորդ Ալի Քերիմլի։

***

Ակնյայտ է, որ ազերպայճանական կողմը հայերը թիրախ առնող իր մարտավարութեան մէջ սկսած է կարեւոր տեղ յատկացնել՝ հայկական կողմն աշխարհի արդէն շատոնց ծայր առած  պառակտման երեւոյթին զարկ տալու քաղաքականութեան։ Կը նշենք որպէս պարզ հաստատում, քաջ գիտակցելով որ ո՛չ պառակտուողները, ո՛չ ալ սեպը ա՛լ աւելի խրողները պիտի չզգաստանան։ Նման պայմաններու տակ, Պաքուի Միլլի մեճլիսին կը մնայ միայն քիչ մը հով փչել կրակին։