Search
Close this search box.

Ազերպայճանի կողմէ առեւանգուած եւ ապօրինի ձերբակալուած Արցախցի ուսանող տղաքը ազատ արձակուած են

 

Սեպտեմբեր 7-ի երեկոյեան, ազերպայճանական կողմը վերադարձուցած է Օգոստոս 28-ին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան փոխադրուելու ընթացքին առեւանգուած եւ ապօրինի ազատազրկուած ուսանողներ՝ Ալէն Սարգսեանը, Վահէ Յովսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը։ 

Ռուս խաղաղապահներու մասնակցութեամբ, Հակարիի կամուրջին մօտ տղաքը հայկական կողմին յանձնուած են։ Անոնք անմիջապէս փոխադրուած են Հայաստան։ ■