Search
Close this search box.

Ազերպայճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպանը գովաբանած է Փաշինեանը

Ազերպայճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Հուլուսի Քըլըչ գովաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

“Կ՚ուզեմ շնորհաւորել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ կը տեսնէ եւ կ՚ընդունի այսօրուան իրականութիւնը, ցոյց կու տայ, որ ինք հայ ժողովուրդի ապագայի մասին մտածող առաջնորդ է եւ չի փափաքիր խնդիրները ձգել ապագայ սերունդներուն”,– ըսած է թուրք դիւանագէտը, որուն խօսքը մէջբերած է «Ենի Մուսաւաթ»-ը:

Ըստ Քըլըչի՝ Փաշինեան անդրադարձած է, որ պատմական հայկական հողերուն գաղափարը սխալ է, ընդունելով իրականութիւնը։

“Փաշինեան հասկցած է, որ Ազերպայճանի հետ խաղաղութիւնը հիմնուած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման վրայ: Ան կը գիտակցի, որ խաղաղութեան հասնելու պարագային հայ ժողովուրդը կը շահի տարածաշրջանի հարստութիւններէն եւ կը բարգաւաճի։ Կ՚ակնկալենք, որ այս գործընթացը շուտով կ՚աւարտի։ Խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը կը նպաստէ տարածաշրջանի զարգացման ու կը ծառայէ տարածաշրջանի ժողովուրդներու բարեկամութեան։ Կը կարծեմ, որ հայ ժողովուրդը պէտք է համախմբուի Փաշինեանի շուրջ եւ սատար հանդիսանայ անոր՝ այսպէսով այսօրուընէ նախապատրաստելով իր ապագան”,– ընդգծած է թուրք դիւանագէտը։

Ըստ թուրք լրագրողին՝ Հայաստանի ղեկավարը պէտք է պաշտպանեն Թուրքիոյ յատուկ նշանակութեան ուժերը

Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան կը գրէ.

«Սրբազան պայքարի մեկնարկէն ետք, Թուրքիոյ մէջ այնքան մտահոգ են Հայաստանի վարչապետի ճատակագրով, որ քաղաքական դաշտի գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչները վերջին օրերուն հանդէս եկած են վերջինիս աջակցող յայտարարութիւններով։

Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ գործող ամէնէն յայտնի ու մեծ լսարան ունեցող լրասփիւռներէն՝ Independent Türkçe-ի գլխաւոր խմբագիր եւ նշանաւոր լրագրող Նեւզաթ Չիչեք, Մայիս 30-ին տուած իր հարցազրոյցին ըսած է.

«Անկեղծ ըլլալու համար Հայաստանի ղեկավարը (նկատի ունի՝ Փաշինեանը) պէտք է պաշտպանեն Թուրքիոյ յատուկ նշանակութեան ուժերը։

Բագրատ սրբազանի պայքարին դէմ կ՚արտայայտուին նաեւ Ազերպայճանի մէջ, ուրկէ եւս կ՚առաջարկեն Փաշինեանին աջակցելու համար զօրքեր ուղարկել Հայաստան»։

***

«ՆՅ» – Անգամ եւս կը պարզուի, թէ որքա՛ն խորամանկ են թուրքերը։ Լաւ հասկցած ըլլալով, որ հայերը դժբախտաբար պառակտման հակամէտ են, յայտնաբերած են դիւրին ճանապարհը՝ իւղ թափել կրակին վրայ։ Միթէ ակնյայտ չէ՞, թէ կատարուածը նոր ռազմավարութիւն մըն է, երբ բոլորը միասին յանկարծ նոյնատիպ յայտարարութիւններ կ՚ընեն։ Անոնց խորամանկութեան գոնէ մէկ մասը ցուցաբերելով՝ պէտք է չտարուինք թրքական այս խաղին։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը,– նախ եւ առաջ թրքագէտները,– պէտք է գիտակցի, թէ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը եթէ կը գովաբանէ հայ մը, ի՛նչ կը նշանակէ այդ, ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ այդ դիրքորոշումը։