Ազերպայճանական կողմը խաղաղութեան հոլովոյթը խանգարող յաջորդական գրգռիչ քայլին դիմած է։ Միլլի մեճլիսի 23 երեսփոխան, որոնք կը ներկայանան իբրեւ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի համայնքի ներկայացուցիչներ, հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որ կը պարունակէ շարք մը կեղծ պնդումներ:
Երեսփոխանները աջակցութիւն յայտնած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ու համագործակցութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններուն: Միաժամանակ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ, իբրեւ թէ այսպէս կոչուած, «արեւմտեան Ազերպայճանցիներու» Հայաստանի տարածք վերադառնալու իրաւունքի ճանաչումը Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոցներէն է:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։