Search
Close this search box.

Ազերպայճանցի «գրող»-ը կ՚առաջարկէ Ալիեւին շնորհել Նոպէլեան մրցանակ…

Չինկիզ Ապտուլլաեւ

Ազերպայճանի Գրողներու միութեան փոխնախագահ Չինկիզ Ապտուլլաեւ «Դասեր Նոպէլեան մրցանակի ճանապարհին. առասպելներ, իրողութիւններ, յաջողութիւններ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրուած համաժողովին առաջարկած է նախագահ Իլհամ Ալիեւը առաջադրել Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու։ Լուրը կը հաղորդէ ԱՓԱ գործակալութիւնը։

“Անոնք պարգեւատրեցին Պարաք Օպաման, որ ո՛չ մէկ արժանիք ունէր: Պատերազմի ժամանակ մենք խաղաղ բնակչութեան վրայ չենք կրակած՝ ո՛չ կիներու, ո՛չ երեխաներու վրայ։ Սա նախագահ Ալիեւի որդեգրած քաղաքականութեան շնորհիւ է”,– ըսած է ան։

Արդեօք ազերպայճանցի «գրող»-ը ուրի՞շ Ալիեւի մը կ՚ակնարկէ։ Քանի որ մեր գիտցածը՝ հայ կիներու եւ երեխաներու սպանութիւններու, անօգնական ծերերու նկատմամբ բռնութիւններու բազմաթիւ դէպքերու յանգեցուցած  քաղաքականութեան հեղինակն է։ Դեռ չենք խօսիր իր ամէնօրեայ ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, հնչեցուցած սպառնալիքներուն, բացած պատերազմական աւարներու պուրակին մասին եւ մասամբ նորին… 

Յիշենք նաեւ Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ կազմակերպուած իրապէս տաղանդաւոր ազերպայճանցի գրող Աքրամ Այլիսլիի նկատմամբ հալածանքը, որովհետեւ ան, հայերու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու գոյութեան կարելիութեան մասին կը մտածէ…։