Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղական հեռատիլի ալիքներուն տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ «արիւնալի պատերազմ մղած յանցագործները, որոնք գործած են վանդալականութիւն, Խոճալուի ցեղասպանութիւնը, աւերած են մեր քաղաքներն ու գիւղերը, ձերբակալուած ու բանտարկուած են եւ պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին։ Անոնց մէջ են բոլոր նախկին ղեկավարները (անկասկած կ՚ակնարկէ Արցախի ղեկավարներուն – «ՆՅ»)։ Ընդամէնը կը պակսի երկու հոգի, որոնք կը գտնուին Երեւան։ Սա իսկապէս արդարութեան յաղթանակն է, եւ երբ ես կ՚ըսէի, որ մենք պէտք է հաւատանք արդարութեանը եւ պայքարինք արդարութիւնը վերականգնելու համար, սա է, որ նկատի ունէի»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։