Search
Close this search box.

Ազերպայճան իւրացուցած է նաեւ Գանձասարը

Ամբողջովին բռնագրաւելով Արցախը՝ Ազերպայճան սկսած է ինքզինքին եւ ուրիշներուն ներշնչել, թէ Արցախի տարածքին գտնուող յուշարձանները «հայկական չեն»։

Կարգը հասած է 13-րդ դարուն կերտուած Գանձասար վանքին։ Ինչպէս միշտ, փորձած են «աղուանացնել» հայկական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցը՝ հակառակ նոյնիսկ յուշարձանի հայկական անուանումին։ Որպէսզի «աւելի համոզիչ» ըլլայ՝ Ազերպայճանի մէջ վանքի հիմնադիրը ներկայացուած է իբրեւ «աղուանական խանի որդի»։

Նախապէս, «աղուանացման» ենթարկուած էր նաեւ Դադիվանքը։