Search
Close this search box.

«Ազերպայճան կը պահանջէ անյապաղ ազատել իր գիւղերը» 

Ազերպայճանի փոխվարչապետ Մուսթաֆաեւի գրասենեակին յայտարարութիւնը

Ազերպայճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի գրասենեակին մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած է, թէ «Ազերպայճան չ՚ընդունիր վերջին շրջանին հայկական լրասփիւռներուն հրապարակած կառավարական աղբիւրներու այն տեղեկութիւնները, որ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը կը գտնուին Ազերպայճանի գրաւման տակ»։ 

Պաքու միաժամանակ կը պահանջէ անյապաղ ազատել «Հայաստանի կողմէ գրաւուած իր չորս գիւղերը»։

Այս կապակցութեամբ ազերպայճանական կողմը հարկ կը համարէ նշել, որ մինչ պետական սահմանին հարցը լուծելը բոլորովին անհիմն է յայտարարել, թէ Հայաստանի 31 գիւղերուն վերաբերող հողերը գրաւուած են։ 

Ինչ կը վերաբերի «Հայաստանի կողմէ գրաւուած չորս ազերպայճանական գիւղերուն (Բաղանիս-Այրում, Ներքին Ոսկեպար, Խեյրիմլի, Կըզըլ Հաճիլի), ապա Ազերպայճանին անոնց պատկանելութիւնը անվիճելի է եւ անոնք պէտք է անյապաղ վերադարձուին»,– նշուած է նոյն գրասենեակին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ,  ուր ընդգծուած է, թէ «սահմանազատման աշխատանքներու շրջանակին մէջ կը լուծուի նաեւ Հայաստանի կողմէ գրաւուած Ազերպայճանի չորս այլ գիւղերու (Վերին Ոսկեպար, Սոֆուլու, Բարխուդարլու, Տիգրանաշէն) ազատման հարցը»։