Search
Close this search box.

Ազերպայճան կը ռմբակոծէ Արցախը

Սեպտեմբեր 19-ի կէսօրուան ժամերուն, ազերպայճանական զինուժը խախտելով հրադադարը, «հակաահաբեկչական գործողութիւններ»-ու կեղծ պատրուակով սկսած է ռմբակոծել Արցախը, ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։

Սա պահուս Արցախի տարածքին խափանումներով կը բանին կամ բնաւ չեն բանիր բջջային հեռաձայնները եւ համացանցը։

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը բնակչութենէն կը խնդրէ ու կը յորդորէ մնալ ապաստարաններու մէջ եւ հետեւիլ մի՛այն պաշտօնական լրահոսին։

Միւս կողմէ, ըստ «Ազատութիւն» լրասփիւռին՝ Պաքու «մարդասիրական միջանցք» առաջարկած է Արցախի բնակիչներուն։

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ «բնակչութեան տարհանումը ապահովելու նպատակով Լաչինի ճանապարհին և այլ ուղղութիւններով ստեղծուած են մարդասիրական միջանցքներ եւ ընդունման կէտեր։ Կիներուն, երախաներուն, տարեցներուն, ինչպէս նաեւ հաշմանդամներուն եւ հիւանդներուն կը տրամադրուին անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն, խմելու ջուր եւ սնունդ…»

***

Արտակ. Բեգլարեան. «Ալիեւի ցեղասպան վարչակազմը սկսեց Արցախցիների ցեղասպանութեան արիւնալի փուլը»։

***

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի սահմաններուն՝ տեղական ժամով 14-ի դրութեամբ իրադրութիւնը բաւական կայուն կը գնահատուէր Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։

***

Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան. «Սա ցեղասպանութիւն է, ուրիշ ոչինչ»։

***

Պաքու կը կրկնէ Արցախէն հայկական զինուած ուժերը ամբողջովին ետ քաշելու պահանջը։ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, թէ Հայաստան Արցախի մէջ բանակ չունի։

***

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա. «Ռուսաստան կոչ կ՚ընէ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՂ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը Ղարաբաղի մէջ»։

***

Քլաար կ՚ընդգծէ անմիջապէս ՀՐԱԴԱԴԱՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ հրատապ անհրաժեշտութիւնը։

***

«ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՂ ԿՈՂՄԵՐ»՝ փոխանակ խօսքը հասցէագրելու նախայարձակին։ «ՀՐԱԴԱԴԱՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼ»-ու կոչ ընել, փոխանակ նախայարձակին՝ յարձակումը դադրեցնելու կոչ ընելու։ Արդեօք կարիք կա՞յ յաւելեալ մեկնաբանութեան։