Ազերպայճանի Միլլի Մեճլիսի երեսփոխան, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի խորհուրդի նախագահ Ազիզ Ալեքպերլի «կը սպառնայ» 250․000 ազերպայճանցիի անուն հրապարակել, որոնք իբրեւ թէ, ապրած են Հայաստանի մէջ եւ որոնց վերադարձին համար Ալիեւ ջանք կը թափէ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններու մակարդակով։
“Մօտ ապագային մենք պիտի հրապարակենք այդ մարդոց ճշգրիտ թիւն ու անունները, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի» մեր այն գիւղերու, բնակավայրերու եւ քաղաքներու անունները, ուր Արեւմտեան Ազերպայճանի ազերի բնակչութիւնը պետական մակարդակով ցեղասպանութեան ենթարկուած է 1987-1991 տարիներուն”,– ըսած է Ալեքպերլի:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։