Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Հաճիեւ կրկին ջղագրգիռ վիճակի մէջ է. «Պէտք է հայամէտ գործիչներու դէմ հետաքննութիւն կատարուի»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ կրկին հակահայկական մոլուցքի մէջ է։ Ան X-ի իր հաշիւին գրած է. «ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպայի մէջ հայամէտ քաղաքական գործիչներու դէմ պէտք է հետաքննութիւն կատարուի»։

Միջազգային մասշտաբով կաշառակեր բռնապետ Ալիեւի օգնականը հրապարակած է The New York Post-էն հատուած մը, ուր նշուած է «ԱՄՆ-ու ծերակուտական Պոպ Մենենտեսի հայ կնոջ (իբրեւ թէ) իրաւախախտում կատարելուն մասին»։

«Դրամը ամէն ինչ կ՚որոշէ: ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպայի հակաազերպայճանական, հայամէտ բոլոր քարոզիչներն ու քաղաքական գործիչները պէտք է ենթարկուին հետաքննութեան»,– գրած է ան: