Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ալիեւ. “Եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չփոփոխուի, խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը ուղղակի անկարելի կ՚ըլլայ”

Ալիեւ թրքախօս երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներուն հետ

Ըստ ազեր­պայճա­նական «Թրենտ» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան՝ երկրի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ թրքա­կան եր­կիրնե­րու խորհրդա­րան­նե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ հան­դի­պու­մին յայ­տա­րարած է, թէ եթէ Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րութիւ­նը չփո­փոխուի, Երե­ւանի ու Պա­քուի մի­ջեւ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի կնքու­մը ուղղա­կի ան­կա­րելի կ՚ըլ­լայ։

Ան նաեւ ըսած է. “Մենք հայ­կա­կան կող­մին առա­ջար­կե­ցինք, որ Ազեր­պայճանն ու Հա­յաս­տա­նը միաս­նա­բար դի­մեն ԵԱՀԿ-ին՝ Մինսքի խումբը վե­րաց­նե­լու հա­մար”։

Երե­ւանէն դեռ չեն ար­ձա­գան­գած Ազեր­պայճա­նի նա­խագա­հին այս յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն: 

*  *  *

Յստակ է, որ Ազեր­պայճան տակաւին պա­հես­տի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն­ներու ամբողջ զինանոց մը ու­նի խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագիր չստո­րագ­րե­լու հա­մար։ Դեռ ասկէ աւելի ինչպէ՞ս կրնայ արտայայտել իր դժկա­մու­թիւնը։

Ամ­բողջ հար­ցը հոն է, որ Երե­ւան գի­տակի՞ց է այս իրո­ղու­թեան եւ ժա­մանա՞կ շա­հելու հա­մար կը «խա­ղայ» այս «խա­ղը», թէ՞ ընդհակառակն, ի զուր ժա­մանակ եւ ուժ կը վատնէ: