Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին հսկայական վնասներ հասցուած են նաեւ քաղաքացիական կառոյցներու, բնակելի շէնքերու, դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու, ուր որեւէ զէնք ու զինամթերք չէ եղած։
Կապի եւ երթեւեկութեան բացակայութեան, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտը շրջաններուն միացնող ճամբաներու փակման պատճառով, առայժմ կարելի չէ ամբողջութեամբ ճշդել վնասի չափը։
Լուսանկարներուն մէջ` Ստեփանակերտի քաղաքացիական կառոյցներու ռմբակոծման տեսարաններն են։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։