Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Պինալի Եըլտըրըմ. «Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է բացուի, զինանշանի վրայէն ալ Աղրը տաղը [Արարատ լեռը] պէտք է վերցուի» 

Մարտ 14-ին, Պաքուի մէջ գումարուած համաժողովին, Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ, Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր ելոյթին անդրադարձած է նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք» եզրին:

Թող 21-րդ դարը դառնայ Թուրքերու դար: Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է բացուի։ Հայաստան այդ կարելիութիւնը ունէր Ղարաբաղի հարցի լուծումէն ետք։ Պէտք է բանալ սահմանները Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ, բանալ Զանգեզուրի միջանցքը։ Պէտք է փոփոխութիւններ կատարել Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ: Հայաստանի պետական զինանշանին վրայ պատկերուած են մեր հողերն ու Աղրը տաղը [Արարատ լեռը]։ Այդ պէտք է վերցուի”,– ըսած է ան:

Յիշեցնենք, թէ Երեւան՝ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպումը կը գնահատէ տարածքային նկրտում Հայաստանի նկատմամբ։