Search
Close this search box.

Ալէն Սիմոնեան Ժընեւի մէջ հանդիպում կ՚ունենայ Սահիպա Քաֆարովայի հետ

Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մայիս 15-18 Ժընեւ կ՚այցելէ՝ մասնակցելու խորհրդարաններու նախագահներու 6-րդ միջազգային համաժողովի նախապատրաստական նիստին:

Այցի շրջանակին մէջ Մայիս 16-ին կը նախատեսուի Ալէն Սիմոնեանի եւ Ազերպայճանի Միլլի Մեճլիսի նախագահ Սահիպա Քաֆարովայի հանդիպումը:

Նշենք, թէ երկու խորհրդարաններու նախագահները Ժընեւի մէջ տեսակցած էին նաեւ Մարտ 22-ին։