Search
Close this search box.

Ալիեւի կարծիքով հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ետք, Ազերիները «իրաւունք ունին վերադառնալու Հայաստան»

«Եւրոնիուզ»-ին տուած հարցազրոյցին, Պաքուի բռնապետը յայտարարած է, թէ «Ազերպայճան Հայաստանի հետ խաղաղութիւն կ՚ուզէ եւ  տարածքային պահանջ չունի այդ երկրի նկատմամբ, շեշտելով, սակայն, որ «Հայաստանէն տեղահանուած Ազերիները, հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումէ ետք, Հայաստան վերադառնալու իրաւունք ունին»:

“Իմ ուղերձը Հայաստանին հետեւեալն է՝ մենք խաղաղութիւն կ՚ուզենք անոնց պետութեան հետ։ Մենք Հայերու նկատմամբ տարածքային պահանջ չունինք, թէեւ մինչ պատերազմը Հայաստանի մէջ հարիւրհազարաւոր Ազերիներ կ՚ապրէին, որոնց նկատմամբ գործուեցաւ ցեղային զտում, հիմնովին ոչնչացուեցաւ անոնց մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը: Սակայն մենք տարածքային պահանջ չունինք։ Բայց մենք կը կարծենք, որ Հայաստանէն բռնի տեղահանուած Ազերիները իրաւունք ունին վերադառնալու այնտեղ, երբ Ազերպայճան եւ Հայաստան կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեն”,– ըսած է Ալիեւ։