Search
Close this search box.

Ալիեւի օգնական. «Ազերպայճան Սիւնիքը կը ճանչնայ որպէս Հայաստանի ինքնիշխան տարածք» 

BBC-ին տուած հարցազրոյցին, Ազերպայճանի նախագահի ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով՝ պատասխանելով Սիւնիքի գրաւման սպառնալիքի վերաբերեալ Հայաստանի մտահոգութիւններուն առնչուող հարցումին, ըսած է. “Մենք կ՚ընդունինք, որ Սիւնիքը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքն է։ Բայց մեզի համար կարեւոր է իմանալ, թէ միւս կողմը ինչպէ՞ս պիտի ապահովէ միջանցքի երթեւեկութեան անվտանգութիւնը”:

“Մեզի անհրաժեշտ են իւրաքանչիւր ճամբորդի անվտանգութեան վստահելի երաշխիքներ, օրինակ՝ անոնց, որոնք գնացք կը նստին մայր Ազերպայճանի հատուածէն դէպի Նախիջեւան կամ հակառակ ուղղութնամբ”,– նշած է Ամիրպեկով եւ աւելցուցած, թէ Պաքու պատրաստ է բանակցութիւններու, բայց եթէ Հայաստան որոշէ ձգձգել գործընթացը, ապա Ազերպայճան պատրաստ է երթուղի հարթելու Իրանի տարածքով։