Search
Close this search box.

Ալիեւ․ «Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու նախապայմանն է»

Ապրիլ 23-ին, Պաքուի մէջ տարեվերջին կայանալիք COP 29 բնապահական համաժողովին ընդառաջ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. “Հայաստան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, հրաժարի Արարատ լեռը իբրեւ խորհրդանիշ օգտագործելէ եւ ցամաքային կապ ապահովէ Ազերպայճանի արեւելեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ”։

“Հայերը պէտք է փոխեն իրենց Սահմանադրութիւնը։ Ես սա կ՚ըսեմ ոչ այն պատճառով, որ կ՚ուզեմ խառնուիլ այլ երկրի մը ներքին գործերուն, այլ որովհետեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ յիշատակուած է Անկախութեան հռչակագիրը, ուր ալ գրուած է, որ այսպէս կոչուած Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի մաս կը կազմէ։ Ինչպէ՞ս մենք կրնանք խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, երբ անոնք Սահմանադրութեան մէջ նման յիշատակում ունին։ Այնպէս որ, երբ ես կ՚ըսեմ, որ անոնք պէտք է փոխեն Սահմանադրութիւնը, ոչ թէ որովհետեւ կոպիտ եմ եւ ամբարտաւան, այլ որովհետեւ այդ նախապայման է”,– շարունակած է ան։