Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Եթէ Հայաստան խաղաղութիւն ուզէր, չէր հրաժարեր Պիշքեքի հանդիպումէն»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ Հոկտեմբեր 12-ին, ռուսական կողմի առաջարկով Պիշքեքի մէջ պէտք է տեղի ունենար Ռուսաստանի, Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը, որուն Պաքու համաձայնած է, «ցաւօք, Հայաստան հրաժարած է»: 

“Մենք երախտագիտութեամբ կ՚ընդունինք Ռուսաստանի միջնորդութիւնը, քանի որ ան մեր դրացին ու դաշնակիցն է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դաշնակիցը: Ռուսաստան կը գտնուի մեր տարածաշրջանին մէջ՝ ի տարբերութիւն հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու գտնուող երկիրներու։ Եւ, բնականաբար, մեր երկիրներուն յարաբերութիւններու պատմութիւնը կը թելադրէ ռուսական կողմի միջնորդութիւնը։

Մեր Արտաքին գործոց նախարարը պատրաստ էր հանդիպելու իր ռուս եւ հայ պաշտօնակիցներուն հետ։ Դժբախտաբար, հայկական կողմը հրաժարեցաւ այս հանդիպումէն։ Այժմ հարց կը ծագի՝ Հայաստան խաղաղութիւն կ՚ուզէ՞։ Կ՚ենթադրեմ՝ ո՛չ, որովհետեւ եթէ խաղաղութիւն ուզէր, չէր հրաժարեր այս կարելիութենէն։ Հայաստանի վարչապետը 6 ժամ տեւող թռիչքով կ՚երթայ Կրանատա, այնտեղ անհասկնալի հանդիպումին կը մասնակցի, ուր կը քննարկուէր Ազերպայճանը՝ առանց Ազերպայճանի, բայց ան չի կրնար 2-3 ժամ տեւող թռիչքով Պիշքեք գալ, կարեւոր գործեր ունի”,– ըսած է Ալիեւ:

Ան նաեւ նշած է, որ եթէ Ռուսաստանի միջնորդութիւնը մերժուի Հայաստանի կողմէ, իր կարծիքով այլընտրանքը կրնայ ըլլալ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները։

“Մենք կ՚ուսումնասիրենք առաջարկուող որեւէ այլ բանակցային հարթակ՝ նկատի առնելով միջնորդութիւն առաջարկող երկիրներու վերաբերումը ոչ թէ Ազերպայճանի, այլ՝ ճշմարտութեան եւ միջազգային իրաւունքին նկատմամբ”,– յայտարարած է Ալիեւ: