Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Եթէ տեսնենք, որ Հայաստանին տրամադրուող զէնքերը հասած են վտանգաւոր ու վճռական մակարդակի… թող մեզ չմեղադրեն…» 

Մայիս 10-ին, բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ունեցած իր ելոյթին, Ալիեւ սպառնացած է նաեւ՝ Հայաստանին տրամադրուող զէնքերու գծով։ “Մեր քաղաքականութիւնը հիմնուած է միջազգային իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ։ Եթէ այսօր կրկին տեսնենք, որ Հայաստանի մէջ վրէժխնդիր ուժերը գլուխ կը բարձրացնեն, որ Ֆրանսա Հայաստանին մահաբեր զէնք կը մատակարարէ, եթէ տեսնենք, որ այդ զէնքերը հասած են վտանգաւոր եւ վճռական մակարդակի… ապա թող ո՛չ ոք մեզ մեղադրէ…”,– ըսած է ան եւ աւելցուցած.

“Մենք երբեք պատերազմ չենք ուզած, եւ այսօր ալ չենք ուզեր։ Մեզի պատերազմ պէտք չէ, մեզի մեր հողերն էին պէտք”։