Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Հայաստանի տարածքին Ազերպայճանի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը մեծ հիասթափութիւն կը պատճառէ»

ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Մարտ 8-ին, Պաքուի մէջ կազմակերպուած «Պաշտպանելով բազմազանութիւնը. պայքար իսլամատեացութեան դէմ 2024» նիւթով միջազգային համաժողովին նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «Հայաստանի տարածքին Ազերպայճանի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը մեծ հիասթափութիւն կը պատճառէ»։ Ան աւելցուցած է, թէ Ազերպայճան դիմած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ մասնագիտական առաքելութիւն մը ուղարկելու Հայաստան՝ «գնահատելու մեր մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններուն վիճակը, որոնք տարիներէ ի վեր կ՚ոչնչացուին այդ երկրին մէջ»։

“Ցաւօք, ԻՒՆԷՍՔՕ-ն տակաւին չէ արձագանգած մեր կոչին”,– ըսած է Պաքուի բռնապետը։

2020 Սեպտեմբերէն ի վեր Հայաստան շարունակաբար ահազանգ կը հնչեցնէ Արցախի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական կրօնական եւ մշակութային հսկայական ժառանգութեան ոչնչացման, պղծման եւ իւրացման՝ Ազերպայճանի վարած քաղաքականութեան մասին։

Տարբեր հաշուարկներով՝ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին 4000-էն 6000 յուշարձաններ եւ հայկական ինքնութեան մասին վկայող կառոյցներ, որոնց կարգին՝ եկեղեցիներ, խաչքարեր, ամրոցներ, որոնք անխնայ կերպով կ՚ոչնչացուին, կը քանդուին, կը սրպապղծուին…։ Իսկ վերջին օրինակն ալ Ստեփանակերտի մէջ Խորհրդարանի շէնքին քանդումն է…։

Հարկ կա՞յ նշելու, որ Ալիեւ այս քայլով կը փորձէ դիմել,– որքան ալ ծիծաղելի ըլլայ,– հակագրոհի մը, փորձելով «խեղդել» հայկական կողմին արդար ահազանգը։ 

Յիշեցնենք նաեւ, թէ Ազերպայճան պարբերաբար նման բնոյթի անհիմն մեղադրանքներ կը հնչեցնէ Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով պահպանուող իրանական մշակոյթի յուշարձաններուն նկատմամբ։ 

Ալիեւ կ՚ամբաստանէ Եւրոպայի խորհուրդը «իսլամատեաց» ըլլալու մեղադրանքով

Նոյն համաժողովին արտասանած իր ուղերձին մէջ Ալիեւ՝ անդրադառնալով Եւրոպայի խորհուրդին՝ ազերպայճանական պատուիրակութիւնը լիազօրութենէ զրկելու հարցին եւ որդեգրած բանաձեւին, նշած է. “Այսօր Եւրոպայի խորհուրդը իսլամատեացութեան քարոզչութիւն կատարող եւ այս գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն վարող հարթակի վերածուած է”։

Նոյնպէս կ՚ամբաստանէ նաեւ Ֆրանսան

«Պաշտպանելով բազմազանութիւնը. պայքար իսլամատեացութեան դէմ 2024» այս համաժողովին, որուն խորագիրը արդէն ինքնին արժանի է առանձին վիճարկման, Ալիեւ նաեւ խստօրէն դատապարտած է Ֆրանսան։ “Ֆրանսա բացայայտօրէն կը վարէ ճնշումի եւ խտրականութեան քաղաքականութիւն մը մահմետականներու նկատմամբ եւ կը կազմակերպէ իսլամատեացութեան արշաւներ, իր աւանդական գաղութարար քաղաքականութեան զուգահեռ”, ըսած է ան։

Բնական է, որ Ալիեւ դատապարտելի շատ բան գտնէ Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի վարած քաղաքականութեանց մէջ, որոնք երբեք չեն կրնար հասնիլ իր վարած քաղաքականութեան «իտէալական բարձունքներ»-ուն։