Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Հայաստան պէտք է ճանչնայ Խոճալուի ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադառնալով ներհայաստանեան քաղաքական զարգացումներուն՝ յայտարարած է, թէ «Հայաստանի մէջ վրէժխնդիրներու թիւը բաւական շատ է։ Մենք նաեւ կը հետեւինք վերջին իրադարձութիւններուն, կը տեսնենք որ կը փորձեն տարածքային յաւակնութիւններ ներկայացնել մեզի»։

Մայիս 28-ին, կնոջ եւ աղջկան ուղեկցութեամբ այցելելով հայաթափուած Արցախի շարք մը շրջաններ, ուր արդէն ազերպայճանցիներ կը հաստատուին, Ալիեւ վերաբնակեցուող քաղաքացիներուն հաւաստած է՝ «որեւէ պահու պէտք է պատրաստ ըլլանք։ Ի հարկէ, առաջին հերթին անհրաժեշտ է մեր բանակը ամրապնդել եւ մենք այդ կ՚ընենք արդէն»,– ըսած է ան։

Խոճալու (Իվանեան) փոխադրուած ազերպայճանցիներու հետ հանդիպումին Ազերպայճանի առաջնորդը Հայաստանին ուղղուած յաջորդական պահանջը հնչեցուցած է՝ «Հայաստան պէտք է ճանչնայ Խոճալուի ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ»։

Նշենք, թէ 1992-ին Խոճալուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները Ազերպայճան տարիներէ ի վեր,– զարմանալիօրէն, ոչ անմիջապէս դէպքերէն ետք, այլ՝ քանի մը տարի ետք, օր մը յանկարծ կայացուած որոշումով,– կը ջանայ ներկայացնել իբրեւ հայերու կողմէ ազերպայճանցիներու «ցեղասպանութիւն», հայկական կողմը կը հերքէ այդ պնդումը եւ քարոզչական հնարք կ՚որակէ զայն: