Սեպտեմբեր 6-ին, Միացեալ Նահագներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային զրոյց ունեցած են։
Պլինքըն կրկնած է Բերձորի միջանցքը մարդասիրական ապրանքներու եւ ուղեւորներու փոխադրումներու համար կրկին բանալու կոչը՝ «միաժամանակ ընդգծելով Ազերպայճանի կողմէ առաջարկուած լրացուցիչ երթուղիներու կարեւորութիւնը»։
Ան շեշտած է «երկխօսութեան եւ փոխզիջման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման հրամայականը»:
Ըստ ազերպայճանական աղբիւրներուն՝ Ալիեւ ըսած է, որ «Ազերպայճանի՝ Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի ստեղծած եւ անոր կողմէ աջակցութիւն ստացող շինծու անջատողական վարչակազմը կը խափանէ Աղդամ-Խանքենտի (Ակնայ-Ստեփանակերտ) ճամբուն բացումը, արհեստական խոչընդոտներ կը ստեղծէ այդ ճանապարհի օգտագործման համար ու հրաժարած է այդ ճամբով ապրանքներու փոխադրութեան վերաբերեալ ի սկզբանէ գոյացած համաձայնութենէն»։
Ալիեւ յերիւրածոյ որակած է «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կամ պարէնային ճգնաժամին վերաբերող յայտարարութիւնները», կրկին պնդելով, թէ «Աղդամ-Խանքենտի (Ակնայ-Ստեփանակերտ) ճանապարհի բացումէն յետոյ Լաչին-Խանքենտի (Բերձոր-Ստեփանակերտ) ճամբան կրնայ բացուիլ, սակայն Ազերպայճանի մաքսային և սահմանային հսկողութեան կանոններուն կիրարկումով»։
Պաքուի բռնապետը՝ «Հայաստանի կողմէ մարդասիրական նպատակներով ենթադրեալ ապրանքներու առաքումը Լաչինի անցակէտ՝ առանց ազերպայճանական կողմի համաձայնութեան, Ազերպայճանի ներքին գործերուն միջամտութիւն, տարածքային ամբողջականութեան և ինքնիշխանութեան նկատմամբ անյարգալից վերաբերում» որակած է։
Ան ըսած է նաեւ, որ «Ազերպայճանի Կարմիր մահիկի միջոցով Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած մթերքը մերժուած է անօրինական անջատողական վարչակազմին կողմէ»։
Ալիեւ յիշեցուցած է, որ «Ազերպայճանի՝ Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչները հրաւիրուած են մայրաքաղաք Պաքու եւ երկրի այլ քաղաքներ՝ վերահամարկման հարցերու շուրջ քննարկումներ ունենալու համար, սակայն անոնք մերժած են մասնակցիլ քննարկումներուն»։
Պլինքըն, ըստ ազերպայճանական կողմին, յայտարարած է, որ «իրենք կը շարունակեն ջանքերը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ»։
Նշենք, թէ նոյն օրը, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Arab News-ին տուած հարցազրոյցին, նոյն նիւթին շուրջ երկրորդելով իր ղեկավարը, ըսած է.
“Մենք կ՚առաջարկենք բանալ Աղդամ-Խանքենտի (Ակնայ-Ստեփանակերտ) ճամբան, որ կ՚ապահովէ Ղարաբաղի Հայերուն համարկումը, Ազերպայճան ուղղակի մուտք կ՚ունենայ դէպի Խանքենտի (Ստեփանակերտ) եւ անմիջական կապ ղարաբաղցի Հայերուն հետ, որոնք իրենց կարգին կարելիութիւն կ՚ունենան օգտագործելու Ազերպայճանի հիմնական ճանապարհային համակարգը՝ հասնելու Ազերպայճանի այլ շրջաններ”…։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։