Search
Close this search box.

Աղէտին վրայ՝ աղէտ մը եւս…

 

Ստեփանակերտի յարակից շրջանը գտնուող պենզինի պահեստին մէջ հրդեհ ծագած է. կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ

Ստեփանակերտի յարակից շրջանը գտնուող Հայկազովի պենզինի պահեստին մէջ      Սեպտեմբեր 25-ի երեկոյեան հրդեհ ծագած է եւ պայթած պենզինի փոխադրատարը (սիթեռն): Այնտեղէն է որ տեղահանուած մարդիկ պենզին կը հայթայթէին՝ Հայաստան մեկնելու համար։

Դժբախտարաբար կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։

Արդէն անասելի ողբերգութեան թատերաբեմ Արցախի մէջ պատահած այս յաւելեալ աղէտին տարողութիւնը  աւելի լաւ նկարագրելու համար նշենք, որ հիւանդանոցէն խնդրած են՝ «ով մնացել է Ստեփանակերտում, գնան իրենց օգնելու։ Անհնար է այդքան մահացածների ու վիրաւորներին հասնեն այդքան քիչ մարդկանցով»։