Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը այցելած է Գեղարքունիքի մարզ

 

Հոկտեմբեր 24-ին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հարցերու գրասենեակի տնօրէն Մառք Գեմըրոն այցելած է Գեղարքունիքի մարզ, Վարդենիս ու Սոթք բնակավայրերը։ Ան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի զինեալ ուժերու 2-րդ բանակային զօրագունդի հրամանատարին հետ եւ դիտարկած՝ հայ-ազերպայճանական սահմանին տիրող իրավիճակը։ Լուրը հաղորդած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանութիւնը։

Այցի ընթացքին ան ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու  շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ Հարաւային Կովկասի մնայուն խաղաղութեան։