Search
Close this search box.

Անգարա առաջարկած է Արցախի հարցով քառակողմ հանդիպում կազմակերպել

 

ՄԱԿ-ի ընդհանուր համաժողովին մասնակցելու նպատակով նախքան Միացեալ Նահանգներ մեկնիլը, Թուրքիոյ նախագահը լրագրողներուն յայտնած է, թէ  «Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով առաջարկած է եռակողմ, նոյնիսկ քառակողմ հանդիպում կազմակերպել՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ»։ Ան աւելցուցած է, թէ տակաւին առաջարկին ոեւէ մէկը չէ արձագանգած, սակայն ինք մտադիր է նշեալ հարցը քննարկելու Իլհամ Ալիեւի հետ։