Յուլիս 21-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու TRT Haber-ի հետ զրոյցին յայտարարած է, թէ Անգարա Երեւանէն յստակ քայլեր կ՚ակնկալէ։ Ան հայկական կողմը մեղադրելով յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ձգձգման համար, երկու յստակ նախապայման նարկայացուցած է։ Երկուքն ալ կապուած են հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններուն հետ։
Չաւուշօղլու ըսած է, թէ Հայաստան պէտք է քայլերու ձեռնարկէ՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման և Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կապակցութեամբ:
“Ազերպայճան և մենք անկեղծ ենք: Հայաստանի անկեղծ ըլլալը կ՚ուզենք գործնականի մէջ տեսնել: Ցարդ ազդակներ կան, յայտարարութիւններ եղած են: Ճիշդ է, ճնշում ալ կայ: Դուրսէն՝ սփիւռքի ճնշումը, ներսէն ալ՝ մոլեռանդ խումբերու: Սակայն Հայաստանի կողմէ տակաւին յստակ քայլեր չենք տեսներ Զանգեզուրի եւ այլ ծրագրերու, կամ խաղաղութեան պայմանագրի առնչութեամբ: Այսինքն` Հայաստանի ղեկավարութիւնը` Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, խաղաղութեան համար պէտք է դրական քայլեր առնէ: Միայն խօսքերը բաւարար չեն”,– շեշտած է ան։
ԱԺ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեան՝ անդրադառնալով Չաւուշօղլուի վերոնշեալ երկու նախապայմաններուն, ըսած է, որ՝ անոնք նախապայման չեն։
“Թուրքիան միշտ էլ հանդէս է եկել այդ դիրքորոշմամբ, որը մեր համար ընդունելի չի եղել: Հայկական կողմը արձանագրել է, որ յաճախ Թուրքիայի յայտարարութիւնների մէջ կայ բաժանում եւ մեր խնդիրներից է՝ ամէն ինչ անել, որ այդ տարանջատումը չլինի կամ առնուազն լինի նուազագոյնը: Այո՛, արձանագրում եմ, որ հայկական կողմի դիրքորոշումը չի փոխուել եւ որեւէ նախապայման այս գործընթացում անընդունելի է”,– նշած է Աղաջանեան:
Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը բացայայտօրէն ըսած է, որ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ըստ էութեան, եռակողմ գործընթաց մըն է, քանի որ իրենց քայլերը կը համակարգեն Ազերպայճանի հետ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։