“Եթէ ասում ենք, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ միլիոնուկէս հայ է կոտորուել, պէտք է կարողանանք միլիոնուկէս ազգանուն ինչ-որ արխիւներում հանել ու դնել”։ Այս մասին «Ազատութեան» հաղորդումի ընթացքին յայտարարած է Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Անդրանիկ Քոչարեան:
“Ես գիտեմ, որ վարչապետը նպատակ ունի նաեւ Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրական հիմքեր կառուցել, աւելի առարկայական դարձնել ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր հայրենակիցների ամբողջ ցանկը”,– նշած է Քոչարեան՝ պատասխանելով այն դիտարկման, թէ կայ մտավախութիւն, որ վարչապետ Փաշինեան իրական Հայաստանի փիլիսոփայութեամբ Ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակներէն հրաժարելու հիմք կը ստեղծէ։
Ըստ Քոչարեանի՝ մինչեւ հիմա մենք չենք յաջողած պատրաստել այդ անուանական ցանկը, ուստի պէտք է կեդրոնանալ այդ ցանկը փաստարկուած հաւաքագրելու համար:
“Ունենք թանգարան, Ցեղասպանութեան հետ կապուած ամէն ինչ ունենք՝ գիտաժողովներ, գրքեր, դոկտորական աշխատանքներ, բայց, ամենակարեւորը, պէտք է ունենալ այդ միլիոնուկէսի ազգանունները, որտե՞ղ, ո՞նց, ի՞նչ պայմաններում, որպէսզի դա լինի շատ թիրախային։ Մենք այդ խնդիրը տասնեակ տարիներով չենք լուծել։ Հիմա պէտք է կենտրոնանանք։ Հէնց իրական Հայաստանը տալիս է այդ հնարաւորութիւնը նաեւ Ցեղասպանութեան բացթողումը դարձնել իրականութիւն։ Պարզ է չէ՞, որ եթէ ասում ենք՝ միլիոնուկէս հայ է կոտորուել, պէտք է կարողանանք միլիոնուկէս ազգանուն ինչ-որ արխիւներում հանել ու դնել եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի պատը պէտք է լրացուած լինի այդ ազգանուններով”,– աւելցուցած է իշխանութեան երեսփոխանը:
Հայաստանի նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ), «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան մեկնաբանելով Քոչարեանի այս յայտարարութիւնները՝ Դիմագիրքի իր էջին կը գրէ․ «Բացարձակ անընդունելի, հայկական ինքնութեան, Հայաստանի պետականութեան դէմ բացայայտ ուղղուած քայլ է իշխանութիւնն առաջ տանում` Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերի անուն-ազգանունների ցուցակ կազմելը համարելով “Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրական հիմքերի կառուցում”»։
Թաթոյեան կը շարունակէ.
«Թուրքական իշխանութիւնն է մշտապէս առաջ տարել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի թիւը կասկածի տակ դնելու գաղափարը` դրանով առաջ տանելով իր ժխտողական քաղաքականութիւնը։
Ցեղասպանագէտ գիտնականները, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչած պետութիւնները երբեւէ կասկածի տակ չեն դրել 1,5 միլիոն զոհերի թիւը: Դա երբեք քննարկման առարկայ էլ չի եղել: Աւելին, զոհերի թիւը բոլորովին կապ չունի ցեղասպանութեան յանցագործութեան հետ։ Ցեղասպանութիւնը մարդկանց խմբի ոչնչացմանն ուղղուած մտադրուած յանցանք է, որ հիմքում ունի ցեղային, ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան հիմքով ատելութիւնը, այլ ոչ թէ ուղղակի որոշակի թուով մարդկանց սպանութիւնը կամ նրանց վերացումը։
Այս մոտեցումը նաեւ բացայայտ անարգանք է անմեղ զոհերի յիշատակի նկատմամբ:
Անթոյլատրելի է յայտարարությունը, թէ “Մեծ Եղեռն” եւ “Ցեղասպանութիւն” հասկացութիւնները նոյնական են։ Այս հասկացութիւնների միջեւ հաւասարութեան նշան դնելն անթոյլատրելի է ինչպէս Հայաստանի շահերի, այնպէս էլ ցեղասպանութիւնների միջազգային կանխարգելման գործընթացի տեսանկիւնից։
Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական ամրագրում ունեցող հասկացութիւն է, միջազգայնօրէն ճանաչուած յանցագործութիւն է։
Դրա համար սահմանուած է առարկայական քրէական պատիժ, քրէական հետապնդման գործիքակազմ։
Աւելին, հէնց ցեղասպանութեան յանցագործութեան համար պատասխանատւութեան ու պատժի իրագործումն է, որ կոչուած է կանխարգելելու ցեղասպանութիւնները։
“Եղեռն”-ը միայն հայոց լեզուի, հայկական նշանակութեան բառ է, որն ունի առաւելապէս պատմական եւ ոչ միջազգային իրաւական նշանակութիւն, չի առաջացնում յանցանք ու հետեւաբար՝ չունի իրաւական նշանակութիւն»։
* * *
Միթէ իսկապէս կարիքը ունէի՞նք Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի նախօրեակին՝ Հայաստանի քաղաքական դաշտը գրաւած այս նոր ու անհեթեթ վէճին։ Բանիմաց հայը կրնա՞յ համամիտ ըլլալ Անդրանիկ Քոչարեանի (որ ի դէպ, դատելով անոր խօսքերէն՝ կառավարութեան մօտեցումը կը ցոլացնէ) յայտարարութիւններուն հետ։
Նախ կայ Թաթոյեանի ընդգծած կարեւոր կէտը, թէ թիւը չէ որ ցեղասպանութիւն մը կ՚ընէ ցեղասպանութիւն։ Այսինքն, 1,5 միլիոն զոհերու անուններ քով-քովի բերել չկարենալու պարագային՝ պիտի նշանակէ, թէ չէ՞ գործուած այդ Ցեղասպանութիւնը։ Ուրիշ ո՞չ մէկ տուեալ գոյութիւն ունի, կամ ո՞չ մէկ տուեալ կը համապատասխանէ ոճիրներու ծանրագոյնը հանդիսացող այդ ցեղասպանութեան։
Ապա նաեւ ի՜նչ անհեթեթութիւն կարծել, հաւատալ, կամ առնուազն յայտարարել, թէ այդ անունները հաւաքագրելու կարելիութիւնը կայ։ Եւ սա՝ Ցեղասպանութենէն 109 տարի ե՞տք։ Յաւելեալ, այդքանով ալ չգոհանալով, ըստ անոր՝ դեռ պէտք է հաստատել «որտե՞ղ, ո՞նց, ի՞նչ պայմաններում»…։
Վերջին կէտ մըն ալ. հրէից Ողջակէզի զոհերու երբեք որեւէ ամբողջական ցանկ պահանջուե՞ր է արդեօք՝ Հոլոքոսթը որպէս իրողութիւն ճանչնալու համար։
Թող ներուի մեզի ըսել, թէ Ցեղասպանութեան հանգամանքներուն բոլորովին անտեղեակ մէկու մը կեցուածքն է Քոչարեանի ցուցաբերածը կամ՝ ներկայացուցածը։
Կը մնայ յուսալ, թէ ան չէ յաջողած լաւագոյն արտայայտել այն ինչ որ կ՚ուզէր ըսել։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։