Search
Close this search box.

Անճեյ Գասփրչիք այցելած է Կոռնիձոր եւ Բերձորի միջանցքի կացութեան մասին պիտի զեկուցէ ԵԱՀԿ-ի նախագահին

Օգոստոս 25-ին, ԵԱՀԿ-ի ներկայի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճեյ Գասփրչիք, Սիւնիքի մարզպետին ուղեկցութեամբ, այցելած է Կոռնիձոր՝ Բերձորի միջանցքի սկզբնամասը՝ տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակին ծանօթանալու եւ ԵԱՀԿ-ի ներկայի նախագահ՝ հիւսիսային Մակեդոնիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պուճար Օսմանիին զեկուցելու համար։ 

Շուրջ մէկ ամիս է, որ Կոռնիձորի մօտ, Արցախ մուտքի կը սպասեն մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած Հայաստանի կառավարութեան, «Կրանտ քենտի» ընկերութեան եւ Ֆրանսայի կարգ մը շրջաններու կողմէ ուղարկուած բեռնակառքերը։ Ազերպայճան արգիլած է կառքերուն՝ Բերձորի միջանցքով Արցախ մուտքը։

Նշենք, թէ ԵԱՀԿ-ի նախագահի ներկայացուցիչը նախատեսած էր Հայաստանէն յետոյ այցելել նաեւ Ազերպայճան, սակայն Պաքու անոր այցին համաձայն չէ եղած։

ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճան նման այցելութիւն անհրաժեշտ չի նկատեր զայն «ժամանակի անիմաստ կորուստ» համարելով։