Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Անն-Լոռանս Փեթէլ հետեւեալ գրառումը կատարած է X ընկերային ցանցի իր հաշիւին, կից տեղադրելով տեսանիւթ մը, ուր կ՚երեւի թէ ինչպէս ազերպայճանցիները կը վերցնեն Արցախի կառավարութեան շէնքին հայատառ գրութիւններն ու զինանշանը.
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական ներկայութեան բոլոր հետքերը ջնջելը Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմի ծրագիրն է։ Եկեղեցիներէն, խաչքարերէն եւ Արցախի Ազգային Ժողովէն ետք, ազերպայճանցիներու թիրախը այս անգամ կառավարութեան շէնքն է»։
Տեսանիւթին կապը՝
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։