Search
Close this search box.

Ապահայկականացման քարոզչութեան ներքոյ Արցախի վանքերու իրական ճարտարապետութիւնը կրնայ աղաւաղուիլ, արձանագրութիւնները կրնան ջնջուիլ

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մնայուն կերպով հսկող  monumentwatch.org կայքը կը գրէ.

«2023 Սեպտեմբեր 19-20-ի ռազմական ներխուժումով՝ Ազերպայճան բռնագրաւեց Արցախի ամբողջ տարածքը: Ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուեցան նաեւ միջնադարեան Արցախի նշանաւոր գիտակրթական, հոգեւոր կեդրոնները՝ Գանձասարի եւ Ամարասի վանական համալիրները, որոնք դարերէ ի վեր ունեցած են համահայկական նշանակութիւն:

Ազերպայճան անմիջապէս թիրախաւորեց Գանձասարի եւ Ամարասի վանական համալիրները՝ յայտարարելով, որ իրենք  «ազատագրած են» աղուանական նշանաւոր սրբատեղի-ուխտատեղիները: Այս տեղեկութեան տարածումէն ետք, ազերպայճանական քարոզչամեքենան սկսաւ իր հակագիտական եւ կեղծ քարոզարշաւը՝ վանքերու մասին: Այդ գործին լծուեցան նախ Ազերպայճանի Մշակոյթի նախարարութիւնը, ապա  լրասփիւռները եւ այսպէս կոչուած փորձագէտները:

2023 Հոկտեմբեր 6-ին, Պաքուի հեռատեսիլը ներկայացուց ծաւալուն յայտագիր մը, որու թիրախը Գանձասարի, Ամարասի եւ Դադիվանքի վանական համալիրներն էին: Մասնաւորապէս յայտարարուեցաւ, որ յիշեալ վանքերու «ազատագրումէն» յետոյ, ամբողջ աշխարհի գիտական համայնքը եւ յատկապէս պատմաբանները կարելիութիւն կ՚ունենան տեղւոյն վրայ համոզուելու եւ տեսնելու  իբրեւ թէ «հայկական զեղծարարութիւնը»:

Սակայն նշեալ տեսանիւթին մէջ յատկապէս վրդովիչ են Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Պաքուի թեմական քարտուղար, վարդապետ Ալեքսի Նիքոնորովի յայտարարութիւնները: Վերջինս, խօսելով Գանձասարի եւ Ամարասի վանական համալիրներու մասին, կը նշէ, թէ անոնք Կովկասեան Աղուանքի ճարտարապետութեան լաւագոյն օրինակներն են եւ միշտ ալ եղած են Կովկասեան Աղուանքի հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոններ: Ո՛չ մէկ խօսք վանքերու իրական պատկանելիութեան մասին: Ռուս հոգեւորականը, ակնյայտօրէն խեղաթիւրելով եւ փոփոխելով պատմական իրողութիւնները, հանդէս կու գայ նաեւ մէկ այլ ծայրայեղ անհանդուրժելի յայտարութեամբ՝ թէ “անոնք, որոնք այդտեղ իրենք զիրենք տէր ու տիրական կը զգային, այդպէս ալ չկրցան 30 տարիներու ընթացքին լեցնել այդ վանքերը հոգեւոր և կրօնական կեանքով, այլ կարողացան միայն արտադրել 3 աստղանի Գանձասար քոնեակը”:

Նման անհանդուրժելի, ծայրայեղ յայտարարութիւնը բազմաթիւ հարցադրումներու տեղի կու տայ՝ ուղղուած նոյն այդ ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Ռիզվան Հուսեյնով եւ Ուլվիա Հաճիեւա հանդէս եկան աւելի վտանգաւոր թեզերով, որոնց համաձայն՝ Գանձասարի եւ Ամարասի վանական համալիրներու արտաքին տեսքը, յարդարանքը զգալիօրէն փոխակերպուած են Հայերու կողմէ վերջին 200 տարիներու ընթացքին, երբ այդ վանքերը անցան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյն. նպատակը՝ վանքերու աղուանական ըլլալը թաքցնելն էր: Ազերպայճանական կողմը նշեց, թէ իրենք փաստած են բոլոր այդ փոփոխութիւններն ու զեղծարարութիւնները: Նշուած է նաեւ, որ ազերպայճանցի հետազօտողները այժմ առիթ ունին տեղւոյն վրայ աշխատելու:

Սոյն յայտարարութիւնները մեծ վտանգ կը ներկայացնեն վանական համալիրներու գոյութեան, քանի որ ապահայկականացման քարոզչութեան ներքոյ այս վանքերուն իրական ճարտարապետութիւնը կրնայ աղաւաղուիլ, հարիւրաւոր հայերէն արձանագրութիւնները, խաչերը, խաչային յօրինուածքները կրնան ջնջուիլ»: