Search
Close this search box.

Ապրիլ 5-ի Պրիւսէլի հանդիպումը եւ Պաքուի մտավախութիւնները

Ապրիլ 5-ին Պրիւ­սէ­լի մէջ տեղի ունեցած Պլին­քըն – Վոն տեր Լե­յէն – Փա­շինեան հան­դի­պու­մին՝ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սական կա­յու­նութեան հա­մար օգ­նութեան սպա­սումնե­րը չի­րակա­նացան, մի­լիառնե­ր չտե­ղա­ցին։ Առաւելաբար, ի նպաստ Հա­յաս­տա­նի արեւմտեան զօ­րակ­ցու­թեան յայ­տա­րարու­թիւններ եղան եւ քիչ մըն ալ տնտե­սական օգ­նու­թիւն։ Թէեւ յաճախ հան­րա­յին յայ­տա­րարու­թիւննե­րը ամ­բողջո­վին չեն 

բացայայտեր վա­րագոյ­րի ետին կայա­ցած հա­մաձայ­նութիւննե­րը։ Յա­մե­նայն դէպս, դա­տելով Փա­շին­եա­նի յայ­տա­րարու­թե­նէն,– որ հան­դի­պու­մը որա­կեց «գե­րազանց»,– ծրարը կրնայ այլ դրոյթներ պա­րու­նա­կել։

Ամէն պա­րագա­յի, մէկ բան յստակ է՝ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովրդա­վարու­թեան բռնած ու­ղին, խա­ղաղու­թեան հաս­նե­լու անոր հաս­տա­տակա­մու­թիւնը կը պա­հան­ջեն ռազ­մա­կան եւ տնտե­սական մեծ ներ­դրումներ եւ հե­տեւո­ղական քաղա­քա­կանու­թիւն։ Կա­ռավա­րու­թեան պաշտպա­նած «Խա­ղաղու­թեան խաչմե­րուկ» ծրա­գիրը արեւմտեան գոր­ծընկերնե­րու հա­ւանու­թիւնը կը վա­յելէ։ Այս հե­ռան­կա­րը, ըստ երե­ւոյ­թին, ամէնէն նե­ղացու­ցիչ կէտն է Հա­յաս­տա­նի հա­րեւան եր­կիրնե­րէն մաս­նա­ւորա­պէս գո­նէ եր­կուքին՝ Ազեր­պայճա­նի եւ Ռու­սաստա­նի համար, որոնք 2020 Նո­յեմ­բեր 9-էն ի վեր կը ձգտին Հա­յաս­տա­նին պար­տադրե­լու Սիւ­նի­քի մի­ջանցքը, ռուս սահ­մա­նապահ զօր­քե­րու վե­րահսկո­ղու­թեան ներ­քոյ, որուն ձա­խողու­թեան մատ­նուիլը կը խանգարէ Ռու­սաստա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի ռազ­մա­վարա­կան հա­շիւ­նե­րը հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ։

Ալիեւ, շատ կոշտ ար­ձա­գան­գեց Ապ­րիլ 5-ի հան­դի­պու­մին. «Պրիւսէ­լի հան­դի­պու­մը բա­ժանա­րար գի­ծեր կը ստեղ­ծէ եւ կը մի­տի մե­կու­սացնել Ազեր­պայճա­նը»։ Հա­կառակ անոր որ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլին­քըն եւ Եւ­րոպական ­յանձնաժողովի նա­խագահ Վոն տեր Լեյէն նա­խապէս հե­ռաձայ­նա­յին կապ հաս­տա­տած էին Ալիեւի հետ, վստահեցնե­լու որ Պրիւսէ­լի եռա­կողմ հան­դի­պու­մը Ազեր­պայճա­նի դէմ չէ ուղղուած։

Ին­չո՞ւ Ալիեւի այս մտա­հոգ ու լա­րուած ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Յա­ճախ Հա­յաս­տա­նի ապա­գայի մա­սին աղէ­տալի գու­շա­կումներ կ՚ըլ­լան։ Իսկ Ալիեւի ապա­գա՞ն։ Ի՞նչ կը մատ­նեն Ազեր­պայճա­նի սահ­մա­նային կրա­կոց­նե­րը։ Անոր երեք ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկեր­նե­րը՝ Թուրքիա, Իս­րա­յէլ, Ռու­սաստան ներ­քին տագ­նա­պի կամ եր­կա­րատեւ պա­տերազ­մի մէջ են, որոնց ար­դիւնքը ան­գուշա­կելի է։ Իսկ Իրա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կրնան լա­րուիլ ու բար­դա­նալ, Սու­րիոյ մէջ անոր հիւ­պա­տոսա­րանին վրայ Իսրայէլի գործած յարձակումէն ետք, որ պատճառ դարձաւ իրան­ցի բազմաթիւ բարձրաս­տի­ճան զի­նուո­րական­ներու մահուան։ Ռու­սաստա­նի հետ նոյնպէս, հան­րա­յին քննար­կումի նիւթ դար­ձած է Ար­ցա­խի մէջ ռուս խա­ղաղա­պահ­նե­րը ակա­նազերծման գոր­ծին լծե­լու նա­խաձեռ­նութիւ­նը, որ ձե­ւով մը մին­չեւ 2025 զա­նոնք հոն պա­հելու եւ անոնց ներ­կա­յու­թե­նէն օգուտ քա­ղելու հնարք մըն է, որ կը գո­հաց­նէ թէ՛ ռու­սե­րը թէ՛ ալ ազե­րինե­րը։ Սա­կայն, ժա­մանա­կաւոր լու­ծում մըն է սա, խա­ղաղա­պահ­նե­րուն Ար­ցախ մնա­լու գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճա­ռը ըլլալով Սիւ­նի­քի մի­ջանցքը Հա­յաս­տա­նին պար­տադրե­լը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, Էր­տո­ղանի դիր­քե­րը եւս թու­լ­ցած են։ Երկրին քա­ղաքա­պետա­կան ընտրու­թիւննե­րը կորսնցնե­լով, տնտե­սական տագ­նապ ապ­րե­լով, Կա­զայի յար­ձա­կու­մին պատճառով Իս­րա­յէլի հետ թշնա­մանա­լով եւ ԱՄՆ-էն F-16 ռազ­մա­կան օդա­նաւե­րու գոր­ծարքը յա­ջողեց­նե­լու հրա­մայա­կանին են­թա­կայ ըլ­լա­լով, Էր­տո­ղան հե­ռու է ան­ցեալի յան­դուգն հռե­տորա­բանու­թեամբ աս­պա­րէզ կար­դա­լէ։

Վեր­ջա­պէս Ապ­րիլ 5-ը կա­րեւոր է Հա­յաս­տա­նի հա­մար, որով­հե­տեւ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ԱՄՆ եւ Եւ­րո­պա քով-քովի եկած զօ­րակ­ցութիւն կը յայտնէին Հա­յաս­տա­նի վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան։ Ռու­սաստան եւս չու­շա­ցաւ հա­կազ­դե­լու, զգու­շացնե­լով Հա­յաս­տա­նը չտա­րուե­լու արեւմտեան կեղծ խոս­տում­նե­րէ։ Սա­կայն, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, արեւմտեան նե­ցուկ ապա­հովե­լով՝ ժո­ղովրդա­վար ար­ժէքնե­րու փա­րու­մը ան­դառնա­լի կը թուի հա­ւասա­րակշռե­լու հա­մար Ռու­սաս­տա­նի քմայ­քոտ ու վնա­սա­­կար ռազ­մա­վարու­թիւնը։ Արեւ­մուտ­քի շնոր­հիւ Հա­յաս­տան կը հաս­նին ար­դիական զէն­քեր, կան­խե­լու հա­մար ազե­րա­կան նոր յար­ձա­կումնե­րու սպառ­նա­լիքը։  

Ժ.Չ. ■