Search
Close this search box.

Արարատ Միրզոյեան «դասալիք» որակած է Ալմաթիի հռչակագրով սահմանի զատումը հակաօրինական համարող Դիւանագէտներու խորհուրդի անդամները

 

Ըստ «Ազատութիւն» լրասփիւռին՝ Մայիս 13-ին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան «դասալիք» անուանած է Դիւանագէտներու խորհուրդի անդամները, որոնք նախորդ օր «Հանրապետութիւն» հրապարակի հարթակէն հակաօրինական որակած էին Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ իրականացուող սահմանի զատումը։

“Ձեր նշած փորձառու դիւանագէտները հաւանաբար այն դասալիքներն էին, որ լքեցին իրենց պաշտօնները, իրենց բաժին հասած խրամատը այն նոյն օրերին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի վրայ տեղի էր ունենում կամ ունեցել ռազմական յարձակում։ Որեւէ կաթիլ լրջութիւն այս փաստի յիշատակումից յետոյ այդ մարդկանց նկատմամբ եւ իրենց դիքորոշումների նկատմամբ չեմ կարող ունենալ, եւ սա ամենամեղմ գնահատականն է, որ ես ինձ կարող եմ թոյլ տալ հնչեցնել”,– ըսած է Արտաքին գործոց նախարարը։

Իսկ դասալիք ըսելով յստակօրէն որո՞ւն կ՚ակնարկէր, Արարատ Միրզոյեան անուն չէ տուած։