Search
Close this search box.

«Արեւմտեան Ազերպայճանցիներ»-ու անձը հաստատող փաստաթուղթերուն մէջ պիտի նշուին անոնց ծննդավայրին «պատմական» տեղանունները

Ազերպայճանի խորհրդարանին մէջ քննարկուած է «Արեւմտեան Ազերպայճանի տեղանունները․ պատմութեան խեղաթիւրումէն մինչեւ արդարութեան վերականգնում» խորագրուած նիւթը։ Ունկնդրութիւններու ընթացքին յայտարարուած է, որ «Արեւմտեան Ազերպայճան» ծնածներուն անձը հաստատող փաստաթուղթին մէջ պիտի նշուի անոնց ծննդավայրին «պատմական տեղանունը»։

“Մենք պիտի վերադառնանք Արեւմտեան Ազերպայճան։ Այընտրանք չկայ։ Հայաստանէն կը պահանջենք, որ երբ մարդիկ վերադառնան՝ վերականգնուին անոնց վերադարձած վայրերուն տեղանունները։ Հասկնալի է, այդ հարցին մէջ մենք չենք կրնար ամբողջովին յոյս դնել Հայաստանի վրայ, մեր տեղանունները վերականգնելու համար մենք որոշ քայլերու պիտի ձեռնարկենք”,– ըսած է «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի վարչութեան նախագահ, «Միլլի մեճլիս»-ի անդամ Ազիզ Ալեքպերլի։

Յիշեցնենք, թէ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ալ նախապէս յայտարարած էր, թէ Ազերպայճանցիները պէտք է վերադառնան «հայրենիք», որ այսօր Հայաստանի տարածքին մէջ կը գտնուի։