Search
Close this search box.

Արման Թաթոյեան. «Ազերպայճանի իշխանութեան ահագնալուր թշնամանքը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ

 

Իրաւագէտ Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով ահազանգ կը հնչեցնէ.

«Ազերպայճանի իշխանութիւնը թոյն կը թափէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ` զայն հռչակելով 5-րդ շարասիւն, վրէժխնդրութեան եւ պատերազմի քարոզիչ, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ։

Յատկապէս թիրախ դարձած են Հայոց կաթողիկոսներն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, վանական համալիրներն ու եկեղեցիները, օրինակ՝ Նորավանքը, Հաղարծինը, Գեղարդավանքը: Ազերիները նոյնիսկ փոխած են Սուրբ Էջմիածնի անունը:

Այս ամէնը կը ներկայացուի` իբրեւ ազերպայճանական, յստակօրէն` ալպանական կամ ուտիական յուշարձաններ: Խօսքը կը վերաբերի թէ´ Հայաստանի, թէ´ Արցախի մէջ կառուցուած, գործող կամ չգործող եկեղեցիներուն։

Աւերուած կամ կիսաքանդ հայկական եկեղեցիները կը ներկայացուին իբրեւ Հայերու կողմէ աւերուած ազերպայճանական մշակութային յուշարձաններ: Սա անմիջակարօրէն ուղղուած է հայկական ինքնութեան վերացման եւ կը կատարուի “Արեւմտեան Ազերպայճան” կեղծ հայեցակարգի շրջանակին մէջ՝ նկատի ունենալով ամբողջ Հայաստանը։

Այս կեղծ հայեցակարգը կը սահմանէ նաեւ Հայաստանի «պարտաւորութիւնը՝ վերականգնելու եւ պաշտպանելու ազերպայճանական աւերուած մշակութային ժառանգութիւնը` իբրեւ հաշտութեան նախապայման”: Արտաքին աշխարհի համար նախատեսուած այս արտաքուստ մարդասիրական պահանջին ներքոյ, իրականութեան մէջ ազերպայճանական իշխանութիւնը բոլորովին այլ նպատակներ կը հետապնդէ:

Այս դիրքերէն Ազերպայճան պարբերաբար հանդէս կու գայ յարձակողական հռետորաբանութեամբ՝ փորձելով վարկաբեկել Հայոց եկեղեցին, Հայաստանը ամբաստանել ալպանական կամ ուտիական եկեղեցիները “իւրացնելու” մեղադրանքով:

Ազերպայճանի իշխանութիւնը ջանք չի խնայեր ոչ միայն երկրին ներսը, այլ նաեւ դուրսը կրօնական թշնամանք բորբոքելու Հայերու նկատմամբ։

Ազերպայճանի նախագահը մահմետական աշխարհին քանի մը անգամ կոչ ըրած է վրէժ լուծելու Հայերէն ու Հայաստանէն՝ իսլամատեացութիւն սերմանելու բացարձակ կեղծ մեղադրանքով:

Այս կոչը, ըստ էութեան, ազերպայճանական յարձակումն է ամբողջ քրիստոնէական աշխարհի վրայ:

Իրականութեան մէջ, մահմետականութիւն դաւանող աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու հետ Հայերը դարերով ապրած են իբրեւ բարեկամներ։

Այս ամէնը ապացոյցներով ամրագրուած է մեր յատուկ զեկոյցներու մէջ եւ կը ներկայացուի միջազգային հանրութեան»։