Search
Close this search box.

Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն համար Ֆրանսա 5 թոն մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է Հայաստան

Ֆրանսայի կառավարութիւնը Սեպտեմբեր 29-ին 5 թոն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Հայաստան՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն տրամադրելու նպատակով:

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մարդասիրական օգնութիւնը ստանձնած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի եւ Հայաստանի Առողջապահութեան փոխնախարարուհի Լենա Նանուշեան։

Մարդասիրական օգնութիւնը (բժշկական պարագաներ եւ դեղեր) Հայաստան փոխադրուած է ֆրանսական Boeing 737-85R(SF) բեռնատար մէկ օդանաւով

Փոխնախարարուհին նշած է, թէ Ֆրանսայի տրամադրած բժշկական պարագաները թոյլ պիտի տան հոգալ 250 ծանր վիրաւորներու կարիքները։