Search
Close this search box.

Արցախէն վերջին մեկնողներէն եղած են նաեւ հոգեւորականները

Արցախը գրեթէ ամբողջովին հայաթափուած է: Արցախէն վերջին մեկնողներուն մէջ եղած են նաեւ հոգեւորականները։ Մայր Աթոռէն կը տեղեկացնեն, թէ Արցախի բոլոր հոգեւորականները, ինչպէս նաեւ Դադիվանքի մէջ ծառայութիւն մատուցող եկեղեցականները Հոկտեմբեր 1-ին Հայաստան փոխադրուած են։

Յիշեցնենք, թէ Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանը գտնուող Դադիվանք վանական համալիրը 44-օրեայ պատերազմէն ետք արդէն անցած էր թշնամիի վերահսկողութեան տակ, սակայն հայ եկեղեցականները այնտեղ կը շարունակէին իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը։ Անոնց անվտանգութիւնը կ՚ապահովէին ռուս խաղաղապահները։