Search
Close this search box.

Արցախի դրօշը իջեցուած է Ստեփանակերտի հրապարակէն (տեսանիւթ)

Հոկտեմբեր 1-ին Ստեփանակերտի մէջ, Ազգային ժողովի եւ Կառավարութեան շէնքերուն վրայ ծածանող Արցախի դրօշները իջեցուած են։

Տեսանիւթէն կը պարզուի, որ Ստեփանակերտը վերածուած է ուրուական քաղաքի մը։ Վերածնունդի հրապարակին վրայ բացի դէս ու դէն երեւցող լքուած իրերէ, կենդանի ոչ մէկ էակ կ՚երեւի։

Արդէն նախորդ օր թուրք մամուլը,– նման պարագաներու ինչպէս միշտ,– անսահման խանդավառութեամբ կը յայտարարէր, թէ ազերի առաջին ոստիկանները յայտնուած են Ստեփանակերտի մէջ. լուրին կցուած լուսանկարի մը մէջ ալ կ՚երեւէին ազերական ոստիկանական կառք մը, կողքին կանգնած ազերի ոստիկաններ՝ Արցախի Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ։

Տեսանիւթ՝

https://youtu.be/-ovF3DfsQOc