Search
Close this search box.

Արցախի Հանրապետութեան  Պաշտպանութեան բանակը տեսանիւթ մը հրապարակած է ազերպայճանական զինուժի կուտակումներու մասին

Սեպտեմբեր 5-ին, Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը տեսանիւթ մը հրապարակած է ազերպայճանական բանակի տեղաշարժի մասին, ընդգծելով, թէ շփման գօտիին մէջ արձանագրուած է հակառակորդի մեծաքանակ ռազմամթերքի կուտակում։ 

Ինչպէս յայտնի է, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին օրերուն շարունակաբար կը հրապարակէ ապատեղեկատւութիւն՝ հող նախապատրաստելով իր յաջորդական յարձակումներուն համար։ ■