Search
Close this search box.

Արցախի մէջ մարդիկ ոչ թէ ժամերով, այլ օրերով հացի շարքերուն մէջ կը սպասեն…

 

Sputnik Armenia-ի հետ զրոյցին, Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպանի օգնական Մարի Ասատրեան յայտնած է, որ Արցախի մէջ մարդիկ ոչ թէ ժամերով, այլ օրերով հացի շարքերուն մէջ կը սպասեն։

“Մարդիկ կ՚արձանագրուին ու թէ՛ գիշերը, թէ՛ ցերեկը կ՚անցընեն հացի շարքերուն մէջ։ Ըսել է թէ անոնք ամբողջ օրը զբաղած են հացի խնդիրը լուծելու համար։ Երբեմն ծնողները իրենց երախաները կը ղրկեն, որոնք կը քնանան շարքերու մէջ, իսկ չափահասներէն շատերն ալ չդիմանալով՝ ուշաթափ կ՚ըլլան”։

Ասատրեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Արցախի մէջ ալիւրի պաշարները վերջացած են եւ հիմա իշխանութիւնները կը փորձեն ամռան բերքը հաւաքել՝ ալիւր ապահովելու համար։ 

“Ելեկտրականութեան ամէնօրեայ խզումն ալ կ՚ազդէ փուռերու աշխատանքին վրայ։ Մանկապարտէզներու համար տակաւին կարելի է գիւղերէն միրգ ու բանջարեղէն հայթայթել ու մատակարարել մանկահասակներուն։

Միւս կողմէ, միշտ չէ որ կը յաջողինք բերքը հաւաքել, նկատի ունենալով որ թշնամին կը կրակէ բերքահաւաք գիւղացիներու ուղղութեամբ”,– ըսած է ան։