Search
Close this search box.

Արցախի մէջ սովամահ եղած է Ստեփանակերտի բնակիչ մը

Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հրապարակած հաղորդագրութենէն կ՚իմանանք, որ Ստեփանակերտի 40-ամեայ բնակիչ մը թերսնման  պատճառով սովամահ եղած է:

Ստեփանեան ընդգծած է, որ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի ապօրինի շրջափակման եւ երկամսեայ ամբողջական պաշարման հետեւանքով յառաջացած պարէնային աղէտալի իրավիճակը, բնակչութեան թերսնումը եւ սովի սպառնալիքը, անհրաժեշտ դեղորայքի բացակայութիւնը անառարկելի սպառնալիքներ ստեղծած են Արցախի 120 հազար բնակիչներուն համար:

Միւս կողմէ, Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան անդրադառնալով սովամահութեան պարագային՝ X-ի իր հաշիւին գրառումով դիմած է ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ այլ անձերու:

«Մենք արդէն 8 ամիս է` ամէն օր կը զգուշացնէինք այս մասին: Կը խնդրենք միջոցներու ձեռնարկել Արցախի ցեղային զտումն ու ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու համար»,– գրած է Մարուքեան։

*  *  *

Վերեւի նկարը ուղղակի առնչութիւն չունի սովամահ եղած տարաբախտ Արցախցիի անձին հետ։ 

Խաւարին մէջ՝ անմեղ նայուածքով, իր փոքր աշխարհը ամէն օր քիչ մը աւելի գունաթափող անողորմ իրականութիւնը դիտող արցախցի այս հէգ երախային հրեշտականման դիմագիծը «կ՚օժտէ» Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը, որ կը դատապարտէ Արցախին՝ Ազերպայճանի պարտադրած անմարդկային շրջափակումը։