Search
Close this search box.

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան խումբ մը պատասխանատուներու հետ Ստեփանակերտ պիտի մնայ մինչեւ փրկարարական աշխատանքի աւարտը

 

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան խումբ մը պատասխանատուներու հետ պիտի մնայ Ստեփանակերտ, մինչեւ ռազմական գործողութիւններու եւ Սեպտեմբեր 25-ին Ասկերանի շրջանին մէջ պայթումի զոհերուն աճիւններու եւ անհետացածներու որոնողական-փրկարարական աշխատանքի աւարտը։